Χρήστης:Aram Yezegelian/πρόχειρο

Հայերը հաստատուեցան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մեջ 1960-ին գաղթելով Սուրիայէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն, Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, քանիվ մը Եւրոպական երկիրներէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանքներէն եւ Գանատայէն։

Επεξεργασία

Հայերը կը շատնային եւ մինչեւ 1980 հիմնած էին 2 գաղութ, մէկ հատը Տուպային մէջ, իսկ միւսը  Ապու-Տապիի մէջ։ Նաեւ կայ պզտիկ գաղութ մըն ալ Հարաւային Էմիրութեան մէջ։ Այսօր հայերու թիւը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ 8000-10000 մօտ է։ Տուպայիի մէջ կ՛ապրի անոնց 80%, իսկ  Ապու-Տապիի մեջ անոնց 20%։

Επεξεργασία

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ապրող հայերու 10% մեծահարուստ են, իսկ միւս 90% շատ լաւ գործեր ունին։

Επεξεργασία

Դժբախտաբար չեն կրնար մասնագիտութիւն առնել։ Գաղութը պետութենէն կ՛ընդունուի իբր կրօնական փոքրամասնութիւն եւ ամէնաբարձր պաշտոնը եպիսկոպոսն է։

Επεξεργασία

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններերուն մէջ ազգային վարչութիւններն են ՀՕՄ-ը, ՀԲԸՄ-ը եւ Համասգայինը։

Επεξεργασία

Կան 2 եկեղեցիներ՝ Տուպայի մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ Ապու-Տապիի մէջ Սրբոց նահատակած եկեղեցին, որոնք կը գտնուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ենթարկութեան տակ։ Նաեւ կան 2 կիրակնօրեայ վարժարան՝ Օհաննէսեանը Տուպայի մեջ, իսկ Արա Խանոյեանը Ապու-Տապիի մէջ։

Επεξεργασία